Հայ-թուրքական հարթակ

Տեսակետներ Թուրքիայից, Հայաստանից և Սփյուռքից
Թուրքերեն, հայերեն, անգլերեն և ֆրանսերեն թարգմանություն

 

Միջին Արեւելքի Հայերը եւ Թուրքիան

 
 
 

Հայացք Հայկական Սփյուռքից

 

Միջին Արեւելքի Հայերը եւ Թուրքիան

Վահագն Քէշիշեան

 

 
Վահագն Քէշիշեան

Լիբանանահայ լրագրող Վահագն Քեշիշյանը Ակօս շաբաթաթերթի սյունակագիր է:

Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցելու հարցը ինչպէս որ կը հետաքրքրէ բոլոր եւրոպացիներուն, բոլոր թուրքերուն եւ բոլոր Միջին Արեւելքի բնակիչներուն, այնպէս ալ կը հետաքրքրէ բոլոր հայերուն, եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի հայերուն: Հայերը ըլլալով հանդերձ բաժնուած այն հարցին շուրջ թէ հայ դատին համար շահաւէտ է Թուրքիոյ անդամակցութիւնը Եւրոմիութեան թէ վնասակար է, կը մնան ուշի ուշով հետեւով բոլոր զարգացումներուն: Թուրքիոյ արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ մեծ դեր կը խաղայ երկրին պատկերի ցուցադրութիւնը, եւ այդ ծիրին մէջ, հայերուն նաեւ կը հետաքրքրէ եթէ այս կամ այն քաղաքականութիւնը ուղղուած հայերուն, մաս կը կազմեն այդ պատկեր շինելու ընթացքէն, թէ անկեղծ դասաւորումներ են ի միտի ունենալով երկարաժամկէտ հաշտութիւնը հայերուն հետ:


Թուրքիոյ Պատկերը Միջին Արեւելքի Մէջ

Թուրքիան որպէս շրջանային կարեւոր ուժ, Միջին Արեւելքի քաղաքական գրեթէ բոլոր գործընթացներուն մէջ ազդեցիկ է: Եթէ Սուրիոյ պարագան դուրս ձգենք, այս իր դիրքը գլխաւորաբար պայմանաւորուած է իր մեղմ ուժի քաղաքականութեամբ, որը կ'ընգրկէ տնտեսական եւ զբօսաշրջութեան գործօնները, ինչպէս նաեւ մշակութային իր գրաւչութիւնը, յատկապէս ժողովրդական եւ քաղաքական մշակոյթներու իր պատկերը: Մէկ կողմէն յաջողակ տնտեսական օրինակը, միւս կողմէն իսլամ-ժողովրդավարութեան իւրայատուկ համադրումը, Թուրքիան կը դարձնեն գրաւիչ Միջին Արեւելքի մէջ: Իրականութեանը այն է որդ, յատկապէս Թուրքիոյ «արեւմտեան» ինքնութեան կը վերագրուին նշեալ բոլոր գործօնները:

Թուրքիան կրցած է գրեթէ տասնամեակի մը մէջ շրջել իր պատկերը, Օսմանեան արիւնալի պատմական պատկերէն մինչեւ պայծառ ապագայ խոստացող պատկերի մը: Այս շրջադարձը որքան որ ըլլայ քաղաքական ու տնտեսական կայունութեան, եւ միջազգային ատեաններու մէջ աշխուժ ներկայութեան արդիւնք, բայց նաեւ եւ յատկապէս պայմանաւորուած է Թուրքիոյ Եւրոպա մուտք գործելու գործընթացով: Այդ գործընթացքի ճամբուն վրայ տեսնել Թուրքիան, Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն մօտ կ'արթնցնէ նախանձ մը, եւ նմանուելու տենչ մը, անոր հասնելու պատրանք մը: Յատկապէս այն փաստը որ Թուրքիան այս ամբողջը կ'ընէ ոչ թէ իր նախկին աշխարհիկ իշխանութիւններու օրով, այլ ներկայի իր իսլամական արմատները չթագցնող կառավարութեան մը օրով, ալ աւելի խոստմնալից է միւս իսլամ ժողովուրդներուն համար: Վերջապէս Թուրքիան օրինակն է որ իսլամականութիւնը եւ արդիականութիւնը իրար հակառակ չեն:

Ասոր կու գայ անշուշտ աւելնալու Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը ջահակիրը դառնալու շրջանի ժողովուրդներու, յատկապէս Պաղեստինեան պայքարին, չմիանալը Իրանի դէմ Արեւմտեան ճնշումներուն, եւ վերջապէս Սուրիոյ մէջ եւ այլուր ժողովուրդներու կողքին իր կողմնորոշուիլը: Այս ամբողջը իր կարգին, բայց ոչ ոք նոյնքան կարեւոր պիտի դասեր Թուրքիան եթէ իր Եւրոպական կապերը չըլլային: Այսինքն հակա-Իսրայէլ ըլլալը դիւրին է Միջին Արեւելքի մէջ, կամ Արեւմուտքին հայհոյելը, բայց ուշագրաւը այն է որ Թուրքիան ըլլալով Արեւմուտքէն բաժին մը, կը շարունակէ ընել այդ ամէնը: Եւ ճիշդ այս պատճառով որ Թուրքիան չի կրնար Եւրոպայի հետ իր կապերը տկարացնել, կամ անդամակցութեան գործընթացէն հեռանալ, եւ ուղղուիլ դէպի Արեւելք, քանի որ ճիշդ այդ Արեւելքը պիտի չընդունի զինք եթէ իր Արեւմտեան կապերը չըլլան:

Թուրքիան այսպիսիով գտնուած է յարակարծիքի մը մէջ: Մէկ կողմէն մերժուած է Եւրոպական Միութենէն, եւ բանակցութիւնները սառեցուած են, միւս կողմէն իր ամբողջ քաղաքականութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, հիմնած իր այս հանգամանքին վրայ:


Հայերը եւ Թուրքիոյ Մուտքը Միջին Արեւելք

Թուրքիան մտնելով իր արդիական ժամանակաշրջանը, 2004-էն ի վեր սկսած է Միջին Արեւելք մուտք գործելու իր քաղաքականութիւնը: Գլխաւոր իրադարձութիւնն էր Սուրիոյ հետ ազատ առեւտուրի պայմանագրի հաստատումը, որուն արդիւնքով երկու երկիրներուն տնտեսութիւնները աննախադէպ աճ մը արձանագրած են: Այս համագործակցութեան եւ խաղաղութեան պատկերը շատ տարբեր էր 90-ականներու իրականութենէն: 1989-էն սկսեալ եւ մինչեւ 1999, Թուրքիան եւ Սուրիան մտած էին սուր պայքարի մը մէջ, եւ այդ տարիներուն սուրիահայերը գտած էիր պարարտ հող իրենց հակա-թուրքական պայքարին մէջ, եւ նոյնիսկ այս  ընթացքին կառուցուած էր Տէր Զորի ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձանները: Սակայն 1999-ին համաձայնութեան հասած էին կողմերը, եւ 2000-ներու առաջին տարիներուն յարաբերութիւնները սկսած էին բարելաւուիլ, հայկական համայնքին դնելով դժուարին կացութիւններու մէջ:

Այս կացութիւնը ալ աւելի բարդացած էր երբ Թուրքիա-Սուրիա-Լիբանան-Յորդանան իրար հետ մտած էի առանց վիզայի ճամբորդելու տարածք ստեղծումին, եւ գործնականօրէն հայերը յայտնուած էին երկու իրար հակառակ դիրքերու վրայ: Մէկ մասը կը նկատէին մեծ առիթ այս նոր փոփոխութիւններուն մէջ, ճամբորդելու, Թուրքիան յայտնաբերելու, առեւտուր ընելու, եւայլն: Իսկ միւս կողմը Թուրքիոյ այս նոր մատչելիութեան մէջ տեսած էին մարտահրաւէր սկզբունքներուն եւ ընդհանուր Հայ Դատին նկատմամբ ոտնձգութիւն: Մինչ կողմերը կը շարունակէին իրար մեղադրել, ու բազմաթիւ յօդուածներ կը գրուէին, զրոյցներ կ'ըլլային, թէ ինչպէս պէտք է վարուիլ պատահական թուրքերուն հետ, կամ Թուրքիա երթալ կամ չերթալու մասին կը վիճէին մարդիկ, միւս կողմէն ինքնաբերաբար զարգացաւ բնականոնացման ընթացք մը, եւ տասնամեակներ ետք թուրքերը եւ հայերը զիրար վերայայտնագործեցին Հալեպի, Դամասկոսի, Պէյրութի, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ փողոցներուն մէջ եւ այլուր:

Որքան ալ ըլլայ աւելի չափաւոր, սակայն հայերու մտքի մէջի պատկերը Թուրքիոյ եւ թուրքերու նկատմամբ դարձեալ առնչուած էր անոնց Եւրոպայի հետ կապով: Բնականաբար եթէ Թուրքիան մնար 90-ականներու եւ աւելի առաջուան ազգայնական Թուրքիան, ապա անկարելի պիտի ըլլար այս մերձեցումը:

Ուրեմն անուղղակիօրէն Թուրքիոյ Եւրոպայի անդամակցութեան գործընթացքը երբ թրքական հասարակութեան մէջ արթնցուցած էր գիտակցութիւն, այդ գիտակցութիւնը երեւելի դարձած էր հայերուն համար, եւ հետեւաբար աւելի ընդունելի թուրք մը մատուցած, բոլորին համար, բայց յատկապէս հայերուն համար որ ամէնէն ժխտական պատկերացումը ունէին թուրքերուն հանդէպ արդեն:

Թէկուզ շարունակուեցան պաշտօնական կեցուածքները Թուրքիոյ բոլոր արարքներուն դէմ ըլլալ ժխտական, ըլլան անոնք ցոյցեր թուրքական պետական այցելութիւններուն դէմ, տնտեսական համագումարներու կամ նոյնիսկ սինէմայի փառատօներու, բայց միւս կողմէն հայերը սկսան վարժուիլ թուրքերու ներկայութեան: Սակայն դարձեալ, այս վարժ ըլլալը պայմանաւորուած էր թուրքերուն փոխուելուն, ժողովրդավար դառնալուն, այլ խօսքով Եւրոպականանալուն: Փաստօրէն հայերն ալ արաբներուն նման, Թուրքիան ընդունած են, կամ սկսած են ընդունիլ յատկապէս նկատի առնելով այն փաստը որ Թուրքիան մօտ է Եւրոպային, եւ ըստ այնմ յոյսեր կապելու Թուրքիոյ հետ, որ օր մը պիտի Եւրոպա դառնայ, եւ այն ժամանակ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ լուծել Հայկական հարցը:

Սակայն լայն շրջանակներու մէջ մնաց Թուրքիոյ հետ մօտէն կամ հեռուէն առնչուած ըլլալը անընդունելի: Այս պայմանաւորուած էր զանազան պատահած ժխտական դէպքերու հետ, գլխաւորաբար Հրանդ Տինքի սպանութեան, որ հայերուն համար հաստատեց այն միտքը թէ «թուրքը թուրք է, ինչքան ալ եւրոպականանայ»: Իրարայաջորդ դրական իրադարձութիւններուն զուգահեռ միշտ ընթացան ժխտականները, եւ ինչպէս որ Թուրքիոյ Եւրոպայի հետ յարաբերութիւնները մնացին ալեկոծ, նոյնպէս ալ հայերուն յարաբերութիւնը Թուրքիոյ հետ: Մանաւանդ մեծ յատկանշական քայլերու բացակայութիւնը Թուրքիոյ կողմէ, օրինակ առանց նախապայմաններու Հայաստանի շրջափակման վերացումը, կամ նոյն ինքն ցեղասպանութեան ճանաչումը, Միջին Արեւելքի հայերուն մօտ յուսահատութեան զգացումը կը պահէ ամէնէն արթունը:


Եւրոմիութեան Անդամ Թուրքիան եւ Հայերը

Պէտք է շեշտել որ նշեալ երկու քայլերն անշուշտ կը մնան համայն հայութեան կիզակէտը, բայց յատկապէս կենցաղական առօրեայ ազդեցութիւն ունին Միջին Արեւելքի հայերուն վրայ: Դէպի Հայաստան երթեւեկը, առեւտուրը, եւ նոյնիսկ հետագային Թուրքիա հաստատուելու հեռանկարները Թուրքիոյ իւրաքանչիւր քաղաքականութիւնը շրջանի հայերուն համար կը դարձնեն կենսական: Այդ թուին նաեւ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամ դառնալը: Հալէպահայը ինքզինք դիւրութեամբ կրնայ պատկերացնել Եւրոմիութեան սահմանին շատ մօտիկ, եւ Պէյրութահայն ալ այդքան հեռու չի զգար: Բնականաբար բոլոր Միջին Արեւելքի հայերուն համար շատ տարբերութիւն կ'ընէ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը: Այդպիսի մեծ յեղաշրջումի մը պարագային, Թուրքիոյ հետ իրենց յարաբերութիւններուն կը վերանային ոչ միայն անհատ հայեր, այլեւ բոլոր միութիւնները եւ կազմակերպութիւնները:

Թուրքիան այդ հերթին շատ աւելի ժողովրդավար դառնալու հաւանականութիւն կ'ունենայ, եւ տարբեր աչքով կը դիտէ թէ ներսի եւ թէ դուրսի հայերուն, ինչը նաեւ Պոլսահայութեան գլխաւոր գաղափարականն է Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցելու նկատմամբ:

Անշուշտ հայերը կը մնան կասկածամիտ: Իւրաքանչիւր քայլ Թուրքիոյ կողմէ որ կ'առնուի, ներառեալ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ, կամ Տիգրանակերտի Սբ. Կիրակոսի նորոգութիւնները, հայերուն կողմէ կը դիտուի որպէ «Եւրոպայի աչքին փոշի», վերջինիս խաբելու համար թէ ինք, Թուրքիան, շատ արդար է, իր փոքրամասնութիւնները կը պաշտպանէ, եւ սփիւռքահայութեան հանդէպ դրական տրամադրուած է:


Թրքականը եւ Եւրոպականը

Գաղտնիք մը չէ որ Միջին Արեւելքի հայերը յատուկ յարաբերութիւն մը ունին Թրքականին հետ: Թրքականը անջատած ըլլալով Թուրքիայէն եւ թուրքէն, այստեղի հայերը կը շարունակեն դիտել թրքական ֆիլմաշարեր եւ հեռատեսիլ ընդհանրապէս, կը գործածեն թրքերէնը առօրեայ լեզուին մէջ, եւ յաճախ կը սպառեն նաեւ թրքական արտադրութիւն: Այս ամբողջին դէմ տասնամեակներէ ի վեր տարուած աշխատանք ու քարոզչութիւնը կը մնան անբաւարար: Բայց Թուրքիոյ պատկերը չի դադրիր մնալ թշնամիի պատկեր, տակաւին հայերը կ'երգեն յեղափոխական երգերը, կը սորվին ցեղասպանութեան պատմութիւնը եւ ամէն անգամ որ թուրք մը տեսնեն, անպայման խօսք մը կը լսցնեն, եւ կը սպասեն խօսք մը լսել: Իսկ վերջերս, Հալէպի հայկական գաղութին ճակատագրին մէջ Թուրքիոյ մեծ դեր խաղացած ըլլալը, մարդոց համար երկրորդական կը դարձնէ «Թուրքիան Եւրոպական է թէ Ասիական է» բանավէճը:

Միւս կողմէն Եւրոպականը անշուշտ կը մնայ բարձրագոյն որակի չափանիշ, ու Եւրոպայի հետ առնչուիլը ինքնին բարօրութեան յատկանիշ, եւ վերջապէս Եւրոպա ճամբորդելը յատուկ հմայք: Եւրոպան կը մնայ պաշտպան հայ դատին, եւ առանձին եւրոպական երկիրները մեկնակէտ ցեղասպանութեան համաշխարհային ճանաչման:

Պէտք է աւարտել, ըսելով որ մարդոց համար դժուար է մարսել այն գաղափարը որ իրենց թշնամին լաւ վիճակի մէջ է, եւ կրնայ մաս կազմել Եւրոպային: Համաշխարհային քաղաքականութիւնը իրատեսական աշխարհահայեացքէն բացի դաւադրութեան տեսութիւններով բացատրող համայնք մըն է միջին արեւելքի հայկականը: Եւրոմիութիւն իր մուտքով աւելի քիչ ահարկու եւ աւելի շատ մարդկային եթէ պիտի դառնայ Թուրքիան, եթէ պիտի կարենայ մաս կազմել Եւրոպականի պատկերին, այն ատեն աւելի ընդունելի պիտի դառնայ Միջին Արեւելքի հայերուն համար:



Էլ.Ամսագրի

Էլ. Ամսագրի բաժանորդագրում

"Repair" նախագծի գործընկերներ

 

Twitter

Facebook