Տեսակետներ Թուրքիայից, Հայաստանից և Սփյուռքից
Թուրքերեն, հայերեն, անգլերեն և ֆրանսերեն թարգմանություն
Հայացք Թուրքիայից Ց-ով բառը, Վոլդըմոռը եւ Թուրքիոյ հակազդեցիկ հռետորաբանութիւնը Սամիմ Աքկէօնիւլ |
Սամիմ Աքկէօնիւլ
Թուրք պատմաբան և քաղաքագէտ |
Այս յօդուածով թուրք պատմաբան եւ քաղաքագէտ Սամիմ Աքկէօնիւլ կ՛անդրադառնայ Ֆրանչիսկոս Ա Պապի Հայոց ցեղասպանութեան մասին ըրած վերջին յայտարարութիւններուն, որոնք Թուրքիոյ կառավարութենէն ներս խուճապ առաջացուցին: Ան նաեւ սրամիտ կերպով կը թուարկէ բազմաթիւ անձերու հակազդեցութիւնները, որոնք տակավին՝ 2015 թուականին կը շարունակեն յամառօրէն չօգտագործել «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը - յայտնի «Ց»-ով բառը - երբ կը խօսին զանգուածային կոտորածներու եւ տեղահանութիւններու մասին, որոնց ենթարկուեցան հայերը 1915-ին:
Երախաներուս շնորհիւ Հարի Փոթերի լաւ ընթերցող մը դարձաց էի: Անշուշտ, բազմաթիւ անգամներ նայած եմ ֆիլմերու այդ շարքը: Զարմանալի բան մը նկատած էի այդ ժամանակ. սկզբունքով Վոլտըմոռը (Voldemort) այն անձն է «որուն անունը պէտք չէ տալ»: Բայց առանց բացառութեան բոլորը գիտեն, որ անոր անունը Վոլտըմոռ է եւ այն կ՛արտասանեն: Կը յիշեմ որ առջինեկիս հարցուցած էի՝ «Բայց անոր անունը պետք չէ արտասանել, ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ որ բոլորն ալ անոր անունը կու տան»: Ան ամենայն լրջութեամբ պատասխաներ էր՝ « Ոչ, միայն վախկոտներն են որ գիտեն, բայց չեն ըսեր»:
2015-ին Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին հակազդեցութիւնները շատ տարօրինակ բնոյթ մը ստացան: Այդ տարօրինակութիւնն աւելի ակնյայտ դարձաւ Պապի ըրած վերջին յայտարարութիւններէն ու Եւրոպական խորհրդարանի որոշումէն ետք:
Նախ յիշենք թէ ինչ տեղի ունեցաւ, ապա կը քննարկենք հակազդեցութիւնները:
2015 թուականի ապրիլ 12-ին, հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած պատարագ մը տեղի ունեցաւ: Թուրքիոյ մէջ բոլորը իրենց շունչը բռնեցին. ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի առիթով արդեօ՞ք Ֆրանչսիկոս Ա պապը «ցեղասպանութիւն» բառը պիտի արտասանէր, թե՞ պարզապէս «կոտորած» պիտի ըսէր: Որքա՜ն լաւ կ՛ըլլար որ կոտորած կամ աղէտ ըսէր… Աւելի ուշ իմացանք որ Թուրքիա այցելութեան ընթացքին պապի ականջին ըսեր էին. «Ինչ կ՛ուզես ըսէ, բայց ոչ ցեղասպանութիւն բառը»: Մեհմեթ Փաչաճը՝ Վատիկանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը կրցած էր մարդոց սիրտը ամոքել. «“Ցեղասպանութիւն” պիտի չըսէ»:
Պատարագի ընթացքին, որուն ներկայ էր Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը, սրբազան քահանայապետը նշեց, որ «Մարդկութիւնը անցեալ դարուն երեք մեծագոյն եւ աննախադէպ ողբերգութիւններ ապրած է, առաջինը համընդհանուր ձեւով կը սահմանուի իբրեւ “20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն”, որուն զոհ գնաց ձեր հայ ազգը »:
Այս խօսքերէն ետք Թուրքիա անմիջապէս տուն կանչեց իր դեսպանը «խորհրդակցութեանց» համար եւ յայտարարեց, որ Պապը ինքզինք անվայել պահած էր, չէր կատարած իր խոստումը եւ գերազանցած էր «եկեղեցականի» իր առաքելությունը: «Ան անամօթաբար ցեղասպանութիւն ըսաւ»:
Բաւական երկար ժամանակէ ի վեր հետեւեալ վիճակն է. ամէն ապրիլ 24-ին մարդիկ իրենց շունչը կը պահեն երբ Պապը եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտարարութեամբ հանդէս կու գան: Եթէ անոնք «կոտորած», «աղէտ» կամ «Մեծ եղեռն» ըսեն, այն ժամանակ Անգարայի մէջ տօնախմբութիւն է:
Սակայն մեր ընթերցողը վստահաբար նկատած պիտի ըլլայ, որ ուրախութեան այդ դրսեւորումները աստիճանաբար կը նուազին: «Ց»-ով սկսող բառի (անգլերէն՝ G word) օգտագործումը Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս արդէն տեւական ժամանակէ ի վեր բնական դարձած է: Ինչ կը վերաբերի այդ բառի արտաբերման առաջացուցած արձագանքներուն, ապա պէտք է նշել որ անոնք կրնան օգտագործուիլ միաժամանակ կամ փոխնիփոխ միեւնոյն անձերու կողմէ: Իրավիճակէն կախեալ, մէկ կամ աւելի հակազդեցութիւններ կրնան յառաջ գալ: Անոնցմէ տասը հատը երեւան հանեցի:
«Իրականութեան մէջ “իրենք” է որ “մեզի” ջարդեցին». Վերջին տարիներուն այս փաստարկը հետզհետէ աւելի հազուադէպ կը լսէի, բայց ըստ երեւոյթին ան յարութիւն առաւ այն մարտավարութեամբ զոր կարելի է ամփոփել հետեւեալ կերպ՝ «լաւագոյն պաշտպանութիւնը յարձակումն է»: Արդ, ժողովրդագրական ակներեւ խնդիր մը կայ այստեղ: 1914-ի օսմանեան վերջին մարդահամարին համաձայն 13 միլիոն մահմետական եւ 1,8 միլիոն հայ կար երկրէն ներս (ինչպէս նաեւ 1,6 միլիոն յոյն, որուն չեմ ալ անդրադառնար): 1927-ին տեղի ունեցած Թուրքիոյ հանրապետութեան մարդահամարին համաձայն՝ հայ բնակչութեան թիւը 64 հազար էր: Ֆուաթ Տիւնտար բազմիցս գրած է այդ մասին, այստեղ աւելի մանրամասնութիւններու մէջ մտնելու կարիք չկայ:
«Իրենք ալ մեզի ջարդեցին». Վերոյիշեալ վիճակագրական վիհէն բացի, այստեղ հիմնական ու կառուցուածքային խնդիր մը կայ: Այս փաստարկը հաւասարութիւն կը դնէ հայերու կողմէ գործուած հնարաւոր ոճիրներու (իսկ այդ պարագային՝ յանցանքը անհատական է) եւ օսմանեան պետութեան կողմէ իրականացուած զանգուածային յանցագործութան միջեւ: Այսպիսով, թուրքերը իրենք զիրենք կը նոյնացնեն օսմանեան պետութեան հետ:
«Ռուսերուն հետ համագործակցեցան»". Որոշ ժամանակ սա ամենատարածուած փաստարկն էր, բայց այն կամաց-կամաց մէկ կողմ դրուեցաւ, քանի որ դժուար էր բացատրել թէ Կարսի շրջան ռուսական բանակի միջամտութիւնը ինչպէս կրնար Էսքիշեհիրի, Մալաթիայի կամ Էտիրնէի մարզերուն մէջ տեղահանութիւն իրականացնելու պատրուակ դառնալ (տակաւին երբեմն կը լսեմ այս մասին):
«Նման բաներ կը պատահին պատերազմի ժամանակ». Անշուշտ որ նման բաներ չեն պատահիր պատերազմի ժամանակ: Եթէ պատահին, ապա անոնք պատերազմական յանցագործութիւններ կը նկատուին: Մանաւանդ որ «նման բաներ» տեղի ունեցած Անատոլիոյ գրեթէ ոչ մէկ տեղ պատերազմ չէր եղած:
«Բայց աշխարհի մէջ մահմետականներ կը սպաննուին, իսկ դուք ոչինչ կ՛ըսէք». Այս փաստարկը խնդրայարոյց է երեք պատճառով: Առաջին՝ այն ժամանակավրէպ է եւ անհամեմատելին համեմատել կը նշանակէ: Երկրորդ՝ որեւէ կոտորած չի կրնար մէկ այլ կոտորածի պատրուակ դառնալ: Երրորդ՝ «շատ լաւ ալ կ՛ըսենք».
«Բայց ամերիկացիներն ալ կարմրամորթեր ջարդած են». Սա խոստովանութիւն է: Ըսել կ՛ուզէ՝ «այո, մենք ալ ջարդած ենք»: Բացի այդ, Միացեալ Նահանգները չեն ժխտեր այդ բանը եւ վերապրողներուն յատուկ կարգավիճակ շնորհած են: Եթէ նոյնիսկ այդպէս չըլլար, ատիկա պիտի նշանակէ՞ր արդեօք որ պէտք է վայրենի ըլլալ, քանի որ կան նաեւ վայրենութեան այլ օրինակներ:
«Բայց Ֆրանսացիները ջարդած են ալժերացիներ, իսկ գերմանացիները՝ նամիպիացիներ»: Դուք կրնաք ցանկը երկարեցնել: Տե՛ս վերը:
«Եկէք այս հարցը պատմաբաններուն ձգենք». Սա կարեւոր փաստարկ է, սակայն մի քանի հարցեր կը պարունակէ իր մէջ. Առաջինը՝ ո՞ր պատմաբաններուն, ո՞վ պիտի ընտրէ այդ պատմաբանները: Երկրորդը՝ պատմաբաններն արդէն բազում հատորներ գրած են այդ մասին, շատ քիչ բաներ դեռեւս անյայտ կը մնան: Երեւակայենք որ պատմաբաններու յանձնախումբը ձեւով մը կազմուեցաւ: Ենթադրենք որ այդ յանձնախումբը հետազօտութիւններ կատարելէ ետք արձակեց իր վճիռը (թէպէտեւ պատմաբանը չի կրնար վճիռ արձակել): «Սա ցեղասպանութիւն է» ըսաւ: Անոնք, որոնք դէմ են ատոր, պիտի ըսե՞ն արդեօք՝ «Եղաւ, ուրեմն սա իսկապէս ցեղասպանութիւն է»: Եւ կամ ենթադրենք որ յանձնախումբը որոշեց որ կատարուածը ցեղասպանութիւն չէ: Մի՞թէ բոլոր հայերը պիտի ըսեն՝ «Լա՜վ, քանի որ այդպէս է...»: Կը կրկնեմ, պատմաբանը չի դատեր, ան կ՛ուսումնասիրէ փաստաթուղթերը եւ կը վերլուծէ: Պատմութիւնը անցեալի ներկան է:
Կայ նաեւ արխիւներու յայտնի հարցը: Ամբողջ աշխարհի արխիւներու փաստաթուղթերուն վրայ հիմնուելով, պատմաբանները գրեցին օսմանահպատակ հայերու նկատմամբ կանխամտածված եւ իրագործուած ցեղասպանութեան մասին: Թուրքիոյ մէջ բոլոր արխիւները բաց չեն (զոր օրինակ սպայակոյտի արխիւները): Մատչելի արխիւներն ալ արդէն մաքրուած են եւ բոլորին հասանելի չեն: Վերջապէս, Հայոց ցեղասպանութիւնն արդէն վաղուց պատմական հարց մը չէ: Այն՝ ազգի մը համար ինքնահաշտեցման եւ իր տկար հիմքերուն ամրապնդման խնդիր մը դարձած է: Հայոց ցեղասպանութեան հարցը կարեւոր է Թուրքիան փրկելու համար: Այն կապ չունի հայերուն հետ:
«Մեր համատեղ ցաւերը»: Սա նոր փաստարկ մըն է: Եթէ այն օգտագործուէր հետեւեալ իմաստով՝ «1909-ի ու 1915-ի միջեւ եւ աւելի ուշ հայերու ապրած ցաւերը նաեւ մեր ցաւերն են», ապա կարելի կ՛ըլլար զայն արժեւորել: Բայց սա այն դէպքը չէ: Սա, ըստ էութեան, կը նշանակէ որ «Մենք ալ սպաննուեցանք (այսինքն ի՞նչ), մենք ալ ցաւեր ունինք, ձեր ցաւերով չենք կրնար զբաղիլ»: Այս փաստարկն ունի նաեւ հետեւեալ տարբերակը՝ «Պէտք չէ մրցակցութեան մէջ դնել ցավերը»: Բայց, այս ըսելով, ընդհակառակը, ցաւերը մրցակցութեան մէջ կը դրուին:
«Ցեղասպանութիւն հասկացութիւնը գոյութիւն չունէր 1915-ին». Սա մասնագիտական փաստարկ մըն է՝ ամէնէն ամուրը: Նշենք, սակայն, որ այս փաստարկը օգտագործողները համաձայն են որ 1915-ին հայերուն բնաջնջելու փորձ եղաւ: Բայց եւ այնպէս, անոնք կը պնդեն որ ցեղասպանութիւնը իրաւական հասկացութիւն մըն է, որ ստեղծուած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն յետոյ եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը կարելի չէ որակել որպէս այդպիսին (այդպէս կ՛ըսեն գոնէ անոնք, որոնք առաւել խելամիտ են): Այս փաստարկի թոյլ կողմերը հետեւեալն են. Առաջին՝ իրավագէտ Ռաֆայէլ Լեմքին, որ առաջին անգամ օգտագործեց «ցեղասպանութիւն» եզրը, կը շեշտէ որ ինք այդ բառը յօրինած է հայերու եւ հրեաներու ցեղասպանութեններէն ներշնչուելով: Երկրորդ՝ ցեղասպանութեան սահմանումը լիովին կիրառելի է այն ինչին հայերը զոհ գացին: Եւ վերջապէս՝ ջուրը H2O ըլլալէն առաջ ալ միշտ ջուր եղած է:
Կը սխալի՞մ արդեօք, թէ՞ ամէն դրուագին Վոլդըմոռի դէմքը քիչ մը աւելի յստակ կը դառնար: