Հայ-թուրքական հարթակ

Տեսակետներ Թուրքիայից, Հայաստանից և Սփյուռքից
Թուրքերեն, հայերեն, անգլերեն և ֆրանսերեն թարգմանություն

 

Սեւան Նշանեանի բանտարկութեան շուրջ տիրող անտանելի լռութիւնը

 
 
 

Հայացք Թուրքիայից


Սեւան Նշանեանի բանտարկութեան շուրջ տիրող անտանելի լռութիւնը

Սաիթ Չեթինօղլու

 

 
Սաիթ Չեթինօղլու

Թուրք հետազոտող

Սաիթ Չէթինօղլու կը քննարկէ Թրքահայ գրող Սեւան Նշանեանի պետութեան կողմէ թիրախ ընտրուիլը՝Թուրքիոյ մէջ: Սխալ Հանրապետութիւն  գիրքով սկսող գործընթացը, ուր Նշանեան քննադատած էր հանրապետութեան հիմնադրութեան սկզբունքները, կը հասնի մինչեւ իր բանտարկութիւնը՝ «անօրինական շինարարութեան յանցագործութիւն»ով, որու հետեւանքով բացի իրմէ, ոեւէ մէկը բանտարկուած չէ: Ըստ Չէթինօղլուի՝ Սեւան Նշանեանը տարբերութիւն չունի այն հայ մտաւորականներէն, որոնք 100 տարի առաջ ուղարկուածէին դէպի անյայտութիւն: Նշանեանի պարագային վերաբերեալ Թուրքիոյ, արտասահմանի, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ տիրողլռութեան պատճառն ալ, ինչպէս հիմք կազմեց իր պատժուելուն, այլախոհ եւ սովորականէն դուրս հայ մը ըլլալն է:

Սեւան Նշանեանի հետ իմ ծանօթութիւնը դեռ նոր կը համարուի: Իր յետին դպրոցի, թաղի եւ գործի ընկերութեան չափ երկար ժամանակաշրջան մը չկայ: Մեր հանդիպումը դեռ նոր է: Այնքան, որ Սեւանի մասին վաւերագրական ֆիլմ մը պատրաստող Էմրահ Տէօնմէզի հետ պայմանաւորուեցանք յաջորդ օրուան հանդիպումի մը համար: Երբ հրաժեշտ կ'առնէինք, հարցուց թէ քանի տարիէ ի վեր կը ճանչնամ Նշանեանը: Իմ պատասխանին՝«Քանի մը տարի է ի վեր, շատ հին չէ»ի փոխարէն, յաջորդ օրը, հաւանաբար մեր ընկերութիւնը ուշադրութեան արժանի չգտնելուն համար, հակառակ որ նոյն տեղը կը գտնուէինք եւ շատ մօտիկ էինք, առանց բացատրութիւն մը տալու ինծի հետ հանդիպում մը չունեցաւ:

Սակայն, մի նայիք մեր ընկերութեան նոր ըլլալուն, ձեզի կ՛առաջարկեմ  կարդալ հետեւեալ գրութիւնը:

Այս գրութիւնը Սեւանին գովքը հիւսելու համար գրուած չէ: Երբ գրութեան հիմքը կը կազմէի, հիմնական մտահոգութիւնս եղաւ այն, որ գրութեան շարունակութիւնը չվերածուի Սեւանի փառաւորումին: Սեւանը նման գովասանքի մը կարիքը չունի: Որովհետեւ, այնպիսի հրաշալի վիճակի մը, այնպիսի հրաշալի անձնաւորութեան մը հետ դէմ դիմաց ենք, որ գրութեան ընթացքին հակառակ իմ կրած մտահոգութեան եւ չմոռնալու ջանքերուն, դժուար կ՛երեւի զսպել այդ կողմ թեքուիլը:

Ինչպէս յայտնեցինք, մեր խօսքը բացառիկ անձնաւորութեան մը մասին է. ամէն ինչի լաւագոյնը կատարելու ուղղութեամբ ջանք թափելուն եւ ամէն ինչի լաւագոյնը ընելուն պատճառաւ, պայքարն ալ արտասովոր գեղեցկութեամբ եւ գերազանցօրէն կը մղէ: Հասկնալ այն իրողութիւնը, թէ Սեւանի համար չի տարբերիր պայքարի առարկան՝ անհատը կամ պետութիւնը, պիտի դիւրացնէ բացատրել եւ հասկնալի դարձնել Սեւանի այսօրուայ իրավիճակը՝«Սեւան Նշանեանի Դէպքը»:

Սեւանը լաւագոյն կերպով նկարագրող գրութիւններէն մէկը հետեւեալն է. «Ամէն հասարակութեան մէջ եւ ամէն ատեն եղած են այնպիսիներ, որոնք կը ձեռնարկեն այնպիսի գործերու՝ որոնց կը հետեւինք նախանձով եւ անոնք, որոնք կրնան համարուիլ «խենդութիւն»: Եթէ այդպիսի մարդիկ ալ երեւելի չեն, կը նշանակէ թէ այդ հասարակութիւնը հոգեպէս մեռած է:»:Այս խօսքերով երբ յստակօրէն կը համառօտեր Սեւանը, կ՛ընդգծէ շատ կարեւոր անհրաժեշտութիւն մը: Սեւանները հասարակութիւններու համար անհրաժեշտ եւ անփոխարինելի պէտք է ըլլան: Երանի թէ կարենայինք բազմացնել Սեւանները:  

Գրութեան շարունակութեան ընթացքին, ընդգծել հասարակականի վտանգաւոր ընթացքը՝ պիտի ըլլայ ամփոփ արտայայտութիւնը այն բանին, որ կ՛ուզէինք պատմել: «Հասարակութիւնները կը իւրացնեն եւ կը սնուցանեն միջակութիւնը: Հետեւաբար, իրենք զիրենք հեռու կը պահենարտակարգի հրապոյրէն եւ սպառնալիքէն: Կը դիտեն կարգէն դուրս ելլողները , այնպէս ինչպէս կը դիտեն վիրավորեալները արկածի մը պահուն: Արկածները անձնաւորութիւնները աննշան կը դարձնեն եւ շեղելով դէպքին իսկական նշանակութենէն՝ սովորականացուածըուշադրութեան կեդրոն կը հանդիսանայ: Նմանապէս՝ արտակարգ եղողն ալ երեւելի կը դառնայ հասարակութեան համար միայն «արկածի պահուն»  եւ հանդիսատեսները սոսկ նայելով ապրուածներուն, կը հետեւին իրենց ճամբուն՝ իբր թէ բան մը չէ պատահած:»:1

Այսօր պատահածը՝ հայրենիքի եւ արտասահմանի մէջ տիրապետող լռութեան պատճառը ճիշտ ասիկա է: Եթէ հարցնենք «Ի՞նչ է Սեւան Նշանեանի Դէպքը» հարցումը, կը տեսնենք թէ դէպքը բազում երեսներ ունի:
Առաջինը, խեղադիւրելով իրաւաբանութիւնը կը ցանկանան պատժել Սեւան Նշանեանը: Ինչպէս ծանօթ է, Պաքունինի համառօտ խօսքով՝ «Իրաւաբանութիւնը իշխանութեան բոզն է»: Սեւանին դէմ դատեր բացուելով պատիժներ տրուիլը, Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադրութիւնը բազմաթիւ տեսանկիւններէն քննադատող «Սխալ Հանրապետութիւն» խորագրեալ գիրքի հրատարակութենէն յետոյ պատահած է: «Մարգարէի Դատ» անունով ծանօթ՝ Մուհամմէտին նախատինք ընկալուող « Պէտք է պայքարիլ ատելութեան յանցագործութեան դէմ» խորագրեալ յօդուածին մէջ ընդգրկուող «Ծաղրել Արաբ ղեկավար մը,որ հարիւրաւոր տարիներ առաջ պնդած է, թէ շփման մէջ մտած է Աստուծոյ հետ եւ  ստացած քաղաքական, տնտեսական եւ սեռային շահ՝ ատելութեան յանցագործութիւն մը չէ: «Խօսքի ազատութիւն» կոչուած բանին գրեթէ մանկապարտէզի մակարդակին փորձարկումն է:» արտայայտութեան պատճառով ան պատժուած է եւ վաւերացուած է դատարանի կողմէ իր մասին տրուած վճիռները, որոնք բարձր ատեանի մէջ կը սպասէին : Կէզիի Դէպքերու ընթացքին իր գրած՝«Ամէն վարչապէտ պիտի ճաշակէ հրաժարականը» խորագրեալ գրութենէն ետք, գոռոզաբար « Ամէն մահկանացու պիտի ճաշակէ բանտը» խօսքերով փոխադարձելով՝ զայն ազատազրկման ենթարկելու գործընթացը վերջացած եւ  02.01.2014 թուականին բանտարկուած է նոյն թուականը պատահած դէպքին համար տրուած կրկնակի պատիժին գործադրութեան համար:

Մարգարէի Դատին մէջ, Տրապիզոնէն Պոլիս, Օրտույէն Անթալյա՝կազմակերպուած 14 անձի  լրատուութեան եւ փափաքով Իսթանպուլի 14րդ Հաշտարար Ատեանի կողմէ պատժուած է: Ինչպէս ծանօթ է՝ հաշտարար դատարանները վերածուած են յատուկ դատարաններու:

Դատարանի կողմէ տրուած պատճառաբանեալ որոշումը, բացի հետաքրքրական ըլլալէ, գրգռիչ եւ հայերը որպէս թիրախ ներկայացնող արտայայտութիւններ պարունակող օրինակելի փաստաթուղթ մըն է: «Ըստ դատական խորհուրդին կարծիքին, ամբաստանեալը կը մեղադրուի հետեւեալ յանցագործութիւններու պատճառով. (...)ժողովուրդին մեծամասնութեան վերաբերող կրօնքի մարգարէին եւ սոյն հաւատացեալներուն մարգարէին հանդէպ ցուցաբերած զգացումները ծաղրող, վարկաբեկող եւ վիրաւորական ու իրենց զայրոյթը բարձրացնելու ուղղութեամբ, ինչպէս ի յայտ է ամբաստանեալին պաշտպանութեան մէջ, յարգանքի սահմաններուն եւ մտքի ազատութեան գետնի վրայ անընդունելի եւ կոպիտ կերպով (...) բացայայտօրէն անհատներու կրօնական զգացումները զայրացնելու աստիճան իրենց եւ ԻՐԵՆՑ ԱԶԳԻՆ ՊԱՏԿԱՆՈՂ ԱՅԼ ԱՆՀԱՏՆԵՐԸ իբրեւ թիրախ ներկայացնել. ժողովուրդին մեծամասնութեան կրօնական հաւատքը վարկաբեկելով եւ գրգռելով, ժողովուրդին մէկ հատուածին հանդէպ այլ հատուածի մը կողմէ բացայայտօրէն ատելութիւն եւ թշնամութիւն սերմանել. Ինչ կը վերաբերի ԱՄԲԱՍՏԱՆԵԱԼԻ ՆՊԱՏԱԿԻՆ, այստեղ իր գաղափարները արտայայտելէ աւելի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կազմող մարդկանց կրօնական զգացումները գրգռելով ատելութիւն եւ թշնամութիւն ստեղծել եւ ԿԱՐԳ ՄԸ ԲԱՌԵՐ ԵՒ ՆԱԽԱԴԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՅՕՐԻՆԵԼՈՎ իբրեւ մտքի ազատութեան սահմաններուն մէջ որպէս իր սեփական գաղափարները ներկայացնելն է.Այսու հանդերձ, իր հիմնական նպատակն է Մահմետականութեան եւ իր մարգարէին դէմ քննադատութիւններէ աւելի, ընդհանուր հասարակութեան խաղաղութեան վնաս յարուցելով ու կրօնական զգացումները ճնշելով ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ԳԵՏԻՆ ՊԱՏՐԱՍՏԵԼ:»:

Այս պատճառաբանեալ դատավճիռը, որ ազգայնամոլ կուսակցութեան մը յայտարարութեան հանգամանքը ունի, չափազանցած չենք ըլլար ըսելով, թէ գործածած լեզուով հաւատաքննական դատարանները իսկ գերազանցեց եւ մատնանշեց յարձակումի մը եւ աւելին՝ ջարդի մը:

Ինչպէս վերը նշեցինք, Սեւանի հանդէպ ցոյց տրուած հակազդեցութեան անկիւնաքարերէն մին ՝ Սխալ Հանրապետութիւն գիրքին հրատարակութիւնն է: Սեւան Նշանեան այս աշխատութեամբ բացայայտելով վարչակարգի բնոյթը՝ անոր հիմնադրութիւնը եւ հիմնադրութեան փիլիսոփայութիւնը հիմնայատակ ըրած է: Քննադատութիւն՝ ընդդէմ հիմնադիր աւագանիին, մանաւանդ այլախոհ հայ գրողի մը կողմէ, կարելի չէ եղած հանդուրժել: Անմիջապէս սպայակոյտի հրամանատարութեան կողմէ յատուկ գործողութիւն մը ծրագրուած է: Այժմ անարդարութեան ենթարկուած լրագրողի եւ հեռատեսիլի աստղի մը տրուած յատուկ տեղեկութիւններով, տարիներ առաջ պատահած դէպք մը իբրեւ թէ այսօր պատահածի նման ներկայացնող յատուկ լրատուութիւնով մը շարժման անցնելով, աշխատեցան Սեւանը վարկաբեկել: Հետեւաբար, փորձուած է արգիլել Սխալ Հանրապետութիւն գիրքի ընթերցումը. ջանացուած է հասարակութիւնը հեռացնել իրականութենէն:

Երկրորդը, Սեւան Նիշանեան Դէպքը, ապօրինի շինարարութեան դէպք մը չէ: Թուրքիան դրախտն է անօրինական շինարարութեան: Այս յանցագործութեան հետեւանքով, բացի Սեւանէն, ոեւէ մէկու մը պատիժը չէ գործադրուած: Սեւան Նշանեան ԴէպքըHDPցի եւ CHPցի պատգամաւորներու կողմէ Խորհրդարան ներկայացուած է այն պահանջով, որ պատասխան տրուի արդարադատութեան նախարարի կողմէ: CHPի Իսթանպուլի պատգամաւոր Սելինա Տողանի կողմէ  խորհրդարան ուղղուած հարցապնդումին մէջ տրուած հետեւեալ հարցումներուն դեռ պատասխան ստացուած չէ:

1. 2863 Թուակիր Մշակութային եւ Բնական Արժէքներու օրէնքին 65/b յօդուածով վերջին տասը տարուան ընդացքին քանի՞ հոգիի դէմ դատ բացուած է եւ քանի մարդ դատապարտուած է:

2. Քանի՞ հոգիի բանտարկութեան վճիռը, փոխարինուած է դրամական պատիժի:

3. Քանի՞ հոգի այս օրէնքի պատճառաւ ազատազրկման ենթարկուած է: Բանտարկուողներէն որքանը՞ վերահսկուող ազատութիւն ստացած է:

4. Բացի Սեւան Նշանեանէն, խնդրոյ առարկայ պատիժի պատճառաւ ազատազրկման ենթարկուողներ կա՞ն:

HDPի Իկտիրի պատգամաւոր Բերվին Պուլտանն ալ Սեւան Նշանեանին տրուած պատիժները խորհրդարանի օրակարգին բերաւ: Պուլտան, Արդարադատութեան Նախարար Պէքիր Պօզտաղի ուղղուած հարցապնդումին մէջ յայտնեց՝ Սեւան Նշանեանին հանդէպ գործադրուած իրաւաբանական խեղադիւրումները:

«Սեւան Նշանեան ծանօթ է Իզմիրի Սէլչուք գաւառի Շիրինճէ գիւղի մէջ աւանդական ճարտարապետական հենքը պահպանելու եւ վերակենդանացնելու համար կատարած աշխատութիւններով: Սակայն, ի հետեւանք դատավարութեան՝թիւ 2863 օրէնքի 65/bյօդուածի համաձայն 2 տարի ազատազրկման եւ 5000 օր դատական նիւթական տուգանքով պատժուած է, այն պնդումով, թէ Շիրինճէ գիւղին մուտքը գտնուող բնական համալիրին մէջ շինարարական աշխատանք տարած է:

Խնդրոյ առարկայ որոշումին հիմքը հանդիսացող 2863 թուակիր օրէնքին 65/bյօդուածը, Սահմանադրութեան Ատեանի 11.04.2012 թուական եւ E. 2011/18-K, 2012/53 թուակիր որոշումով ջնջուած,օրէնսդիր մարմինը ջնջումի վերաբերեալ որոշումին պարտադրութիւնը 11.10.2013 թուականին կատարած եւ Սեւան Նշանեանին դատապարտումին պատճառ հանդիսացող 2863 թուակիր օրէնքին 65/b յօդուածը 6498 թուակիր օրէնքով փոխած է: Այսպիսով, Սահմանադրութեան Ատեանին կամքը կատարուած է: Իսկ Վճռաբէկ Ատեանը Սահմանադրութեան Ատեանին ջնջումի որոշումը պէտք եղած չափով ուսումնասիրած չէ. ՍահմանադրութեանԱտեանի որոշումին հանդերձ, 19.03.2014  թուական եւ E. 2013/8183-K. 2014/6870  թուակիր որոշումով վաւերացուելով, տուեալ որոշումը «անվաւեր» 2862 թուակիր օրէնքի հիման վրայ վաւերացուած ու հաստատուած է: Այս որոշումը Սահմանադրութեան 2րդ եւ 38րդ, իսկ Եւրոպայի Մարդու ԻրաւունքներուԱտեանին 6րդ եւ 7րդ յօդուածներուն համապատասխան չէ: Այս պատճառաւ, Սեւան Նշանեանը պատժական օրէնքի անվաւեր յօդուածի մը հիման վրայ պատժուած է:

Հարցում ա)  Երբ ուժի մէջ էր 2863 Թուակիր օրէնքի 65/b յօդուածը, քանի՞ հոգի այս  յօդուածի  շրջագծով պատժի ենթարկուած է եւ քանի՞ հոգիին պատիժը գործադրուած է:

Հարցում բ) Ներկայ դրութեամբ, ջնջուող 2863 թուակիր օրէնքի 65/b յօդուածի գործադրութեան հետեւանքով քանի՞ հոգի պատժի ենթարկուած է եւ քանի՞ հոգիին պատիժը գործադրուած է:

Հարցում գ) 6498 թուակիր օրէնքի շրջագծով, քանի՞ հոգի դատավարութեան եւ պատժի ենթարկուած է եւ քանի՞ հոգիինն պատիժը գործադրուած է:

Հարցում դ) Ինչպէս կ՛արժեւորէք այս կացութիւնը, որ, օրէնքը ջնջուած ըլլալով հանդերձ, Վճռաբեկ Ատեանի կողմէ վաւերացուած է: Պատիժի օրինականութեան սկզբունքը ինչո՞ւ ոտնակոխ եղած է: Արդեօք հակասական չէ օրինական պետութեան մը մէջ,դատական մարմիններու այս վերաբերումը, որ իր գնահատանքի իրաւունքը կը գործածէ կամայականօրէն ներկայ օրէնքի կիրարկման դէմ:

Հարցում ե) Ներկայ դրութեամբ քանի՞ հոգի պատժուած Է Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն չունեցող օրէնքի յօդուածով մը:»

Պուլտանի հարցումներն ալ անպատասխան մնացին, քանի որ որեւէ պատասխան մը չունէին:

Խորքին մէջ, Սեւան Նշանեանի դէպքը, ուրիշ բան մը չէ, բացի խօսքի ազատութեան կոպիտ խախտումէ մը: Քննադատական միտքը վերածուած է Սեւանի սովորական ապրելակերպին: Իր միակ յանցանքը շինարարութեան օրէնսդրութեան, բնական համալիրի պահպանման վերաբերեալ օրէնքներու եւ կանոնադրութիւններու քննադատութիւնն է. ինչպէս իր գիրքերուն եւ գրութիւններուն մէջ կը քննադատէ վարչակարգը, մամլոյ եւ պատժական օրէնքը: Ասոնք ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ շինարարութեան օրէնսդրութեան վերաբերեալ խորհուրդներու քննադատութիւնը՝ ոչ թէ թուղթի վրայ, այլ շօշափելի օրինակներով տեսողական պատկերացումով: Փորձառական ճարտարապետութեան մէկ այլ իմաստն ալ ասիկա է: Իրականութեան մէջ, այս օրինակներուն եզներուն համար անգամ (եզներեն ներողութիւն խնդրելով) հասկնալի ըլլալը անհանգստութիւն պատճառեց եւ ոչ մէկը պատասխանատուութիւն ստանձնելով Սեւանը դէպի բանտ ուղարկուեցաւ:

Կարելի է ըսել, որ օրինակներով չափազանցած է քննադատութիւնը, բայց Սեւանի եղանակը ասիկա է:

Ընդգծել պէտք է նաեւ այն կարեւոր իրականութիւնը, որ իր փորձառական ճարտարապետական ստեղծագործութիւններով օրինակ ցոյց տալէ բացի՝զարգացուցած է ուրոյն գեղագիտական մտածելակերպ մը: Վստահօրէն կրնանք ըսել, թէ Սեւանը աւանդականը արդիականէն անցնելով դէպի համաշխարհային տարած է:

Իր ստեղծագործութիւններուն մէկ այլ երեսակն ալ, դիմադրութեան իրաւունքի գործադրութիւնն է: Այս, տարիներու ընթացքին բարէշինութեան կանոնագրութեան մէջ ներկայ պահանջներու համապատասխան փոփոխութիւնները չկատարող իշխանութեան կողքին, գործնական առումով շինութեան արգէլափակումներ յայտարարող մտայնութեան դէմ դիմադրութեան իրաւունքին գործադրումն է: Իր գրութիւններով իշխողին դիմադրող Սեւանը, Շիրինճէ գիւղի աւելի քան 40 փորձառական ճարտարապետական ստեղծագործութիւններով դիմադրած է իշխանութեան: Ուսողութեան Գիւղի, Թատրոնի Մէտրէսէյի նման օրինակելի բնակավայրեր կառուցած է:

Պէտք է չմոռնալ եւ  այն կԷտը, որ այս ստեղծագործութիւններով/կառոյցներով Սեւանը որեւէ սեփականատիրական կապ չունի: Շիրինճէյի մէջ, բացի Սեւանի կողմէ կառուցուած Ուսողութեան Գիւղի գրադարանի դռան զետեղուած Սեւան Նշանեան Գրադարան գրուած ցուցանակէն, իրէն պատկանող որեւէ բան մը չկայ: Սեւան բոլոր ունեցուածքը նուիրելով Նէսին Հիմնարկին, տարիներ առաջ խզած է կապերը սեփականութեան հետ:

Ապօրինի շինարարութեան յանցագործութիւնը հնարելով, Սեւանի բանտարկուիլը յատուկ ծրագիրի մը հետեւանքն է: Հարցը անօրինական շինարարութիւն չէ: Այս ծրագիրով, թէ փորձուած է Սեւան Նիշանեանը վարկաբեկել եւ թէ ի դերեւ հանուած է բազմաթիվ հակազդեցութիւն, որ պիտի արձագանգէր իր խորհուրդներուն պատճառով ազատազրկման ենթարկուելուն համար, քանի որ, Սեւան Նշանեան Հայ ժողովուրդի բամբ ձայնը եւ անվախ գրիչն է:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին՝ սերտ յարաբերութիւն մը ունի պետութեան կողմէ ուժի մէջ դրուած 4 տարիէ ի վեր շարունակուող ուրացողութեան ծրագիրը եւ Սեւանին 4 տարիէ ի վեր սկսող բանտարկութեան գործընթացը: Թուրքիոյ հայերու ձայնը խուլ պիտի ելլէ այնքան ատեն որ Սեւանը ազատազուրկ կը մնայ: Այս տեսանկիւնէն, Սեւանը տարբերութիւն չունի այն հայ մտաւորականներէն, որոնք ուղարկուած են դէպի անյայտութիւն:(ցարդ Սեւանին տրուած պատիժներու գումարը հասած է 17 տարուան: Սպասելի են հատուցման վերաբերող դատավարութիւնները, որոնք կարելի չէ վճարել:

Հայ ժողովուրդի ձայնը աւելի անլսելի դարձած է: Ասիկա կարելի է դիտարկել Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի միջոցառումներուն մէջ: 100ամեակի հետ առնչուող միջոցառումները կրկնութիւնն է Ռասըլ ՔրովիՉանաքքալէին: Այս ժողովներուն մէջ այր ու կին Շահրազատներու կողմէ միօրինակ 1001 գիշեր առասպելները կը պատմուին: 1001 գիշեր առասպելները պէտք չէ վերջանան: Առասպելի վերջանալը մահացու է:

Սեւան Նշանեանի հետ առնչուող ուշագրաւ հանգամանքներէն մէկն ալ, ներսը եւ դուրսը շուրջ երկու տարիէ ի վեր շարունակուող լռութիւնն է:

Բացի մի քանի հոգիէն, ներսը տիրապետող զանգուածային լռութեան հիմնական պատճառը, ինչպէս դեր ունեցաւ իր պատժուելուն մէջ, այլախոհ եւ սովորականէ դուրս  հայ մը ըլլալն է: Իր բոլոր ստեղծագործութիւններուն(շինարարական աշխատանքներուն) վերաբերեալ առնուած փլուզումի վճիռները, իր տոհմիկ պատկանելիութեան հետ կախում ունի: Ինչպէս հնադարեան հայ ստեղծագործութիւնները, Սեւանին ստեղծագործութիւններն ալ դատապարտուած են ոչնչացումի: Այս պատճառով է որ Սեւանի ստեղծագործութիւնները լքեալ գոյքերու դէմ ցուցաբերուած վերաբերմունքին կ'արժանանայ:

Սեւանի պէս բեղմնաւոր գրողի մը դէմ, իրենց 60 բառնոց թրքերէնով վէպ գրող Türkpen-ի անդամներուն համար այս լռութիւնը հասկնալի է: Նոյնիսկ չզարմացանք, երբ Türkpen-ի նախագահը արգելք հանդիսացաւ Միջազգային PEN-ի կողմէ Սեւանի համար ձեռնարկուած քարոզարշաւին: Հասկնալի է նաեւ այն ընկճուածութիւնը այլախոհ հայու մը դէմ, որ թրքերէնին խոշոր նպաստը բերած է. այն նպաստը, որ ոչ միայն իրենք, այլ Թրքական Լեզուի Կաճառը իր 80 տարուայ պատմութեան ընթացքին չի յաջողած:2

Որպէս թրքերէնը նախակրդարանի մէջ սորված մէկը, առանց խուսափելու վստահօրէն կրնամ ըսել, որ կարելի չէ երեւակայել իր լեզուն ճիշդ  գրել-կարդալ չգիտցող ամբոխի մը տարբեր վարմունք ցուցաբերելը: Ինչպէս վերը նշեցինք. միջակ նկարագիրի մը տէր անհատները «այս ձեւով, իրենք զիրենք կը պահպանեն արտակարգի հրապոյրէն եւ սպառնալիքէն:»:

Միջազգային PEN-ը՝ հակառակ թրքական աղբիւրներէ բարձրացած ընդդիմադրութեան, ուշադրութեան առարկայ դարձուց Սեւան Նշանեան Դէպքը: Türkpen-էն ձայն չելաւ եւ չենք ալ սպասեր:

Թուրքիոյ հայ ժողովուրդի լռութիւնը կարելի է իմաստաւորել: Նախ, Թուրքիացի հայերը գերի առնուած են 1001 գիշերուան պատմիչներուն կողմէ: Յետոյ, Մարգարէի Դատի վճիռին ջարդի կոչին դիմաց, կարելի չէր մտածել ցեղասպանութեան ենթարկուած եւ ջարդերով ճնշուած ժողովուրդի մը տարբեր վարուիլը: Բնական պէտք է համարել Սեւանի հաց առնելու համար իսկ փողոց չկարենալ ելլելը՝Մուհամմէտի վերաբերեալ երեք տողնոց խօսքին համար:

Սեւան, արդի յոյն գրականութեան գլուխ գործոցը Ինձմէ Բարեւ Ըսէ Անաթոլիային գիրքի հեղինակը Տիտո Սոթիրիյուի ծնած ու մեծցած հին յունական Քըրքինճա/Չիրքինճէ գիւղը վերակենդանացնելով դարձուցած է Շիրինճէի: Շիրինճէցիները աքսորուած են Էփիրի շրջանէն դէպի Եգէական, յետոյ ետ ուղարկուած են: Այսօր կ՛ապրին Մակեդոնիոյ Khateriniի մօտ իրենց Nea Ephesus անուանած գիւղին մէջ: 2015ի ամռան այցելեցի այս գիւղը եւ խօսեցայ գիւղապետին հետ: Թերեւս բաներ մը կրնային ընել Սեւանի համար, որ փրկած էր իրենց գիւղը, զոր իրենց նախնիները հիմնած էին եւ ուր իրենք հասակ նետած էին: Սխալուեր եմ, չկայ եղեր: «Սեւանն ալ շատ յառաջ գնաց» պատասխանը ստացայ: Որովհետեւ, Սեւանին զօրակցիլ կամ Սեւանի համար բան մը ընել՝ կարող էր դժուարացնել իրենց Շիրինճէ երթ ու դարձը, կրնային զլանալ այն աղոթքը որ գէթ տարին անգամ մը Շիրինճէի մէջ նորոգուող իրենց հին եկեղեցւոյն մէջ կը կատարէին՝ իրենց նախնիներու հոգւոյն համար: Գիւղապետի վարմունքը կարելի է համարել նահանջ եւ պահպանում՝փոխյարաբերութիւններուն վնասման հաւանականութեան դիմաց: Յամենայնդէպս չեմ ուզեր անարդարութիւն գործել գիւղապետին հանդէպ: Գիւղապետը յառաջիկայ շաբաթ պիտի երթար Շիրինճէ: Ըսաւ որ Սեւանի մասին ալ պիտի խօսի Սէլջուքի քաղաքապետի հետ հանդիպման ժամանակ: Շնորհակալութիւն յայտնեցի:

Միջազգային մարդկային իրաւունքներու հաստատութիւններէն HRW եւ Միջազգային Ներման Կազմակերպութիւնը ուշադրութիւն դարձուցին Սեւանին վիճակին եւ տեղ յատկացուցին իրենց տեղեկագիրներուն մէջ: Տարօրինակ է, որ երկիրի մարդկային իրաւունքներու հաստատութիւնները դեռ կը պահեն իրենց լռութիւնը: Նոյնիսկ «Ցեղապաշտութիւն եւ Խտրականութիւն» անունը կրող յանձնախումբ մը ունեցող Մարդկային ԻրաւունքներուՄիութենէն իսկ ձայն մը լսուած չէ:

Հակազդեցութիւն մը սպասեցինք Պիլկի համալսարանէն, ուր Սեւանը շրջան մը որպէս դասախօս դասաւանդած էր: Մեր ստացած պատասխանը՝ «Մենք Սեւան Նշանեանի մտային կարողութիւններէն օգտուեցանք բայց զօրակցիլ չենք ուզեր:» եղաւ: «Այո, մենք շրջան մը Սեւանը շահագործեցինք, բայց հիմա իրեն կարիք չ՛ունինք»: Այս էր մեր ընկալումը:

Լուսանկարի ցուցահանդէսի մը համար, ուր պիտի ցուցադրէինք փորձառական ճարտարապետութեան նմոյշները, թոյլտուութիւն ուզեցինք Պողազիչի համալսարանէն, ուր ուսանած էր: Մեզի ոչ միայն տեղ տրամադրեցին, այլ նաեւ առաջարկեցին բանախօսութիւն մը: Փորձառական ճարտարապետութեան մասին բանախօսութիւն մը սարքեցինք: Շնորհակալ ենք Պօղազիչի համալսարանի ղեկավարութեան եւ ուսանողներուն իրենց վերաբերումին համար:

Շնորհակալ ենք նաեւ այլ հաստատութիւններու եւս. Կեդրոնական Սանուց Միութեան սրահը այն սրահն էր, ուր Սեւանը նախակրդարանի տարիներուն՝ գիտելիքներու մրցումին մէջ՝ իր առաջին մրցանակը ստացած էր: Միութիւնը սրահը մեզ տրամադրեց «Սեւան Նշանեան եւ Դիմադրութեան Իրաւունքը» խորագրեալ մեր ժողովին համար: Ճէզայիրի ժողովասրահն ալ մեզի տրամադրուած էր Օսման Քաւալայի կողմէ, որպէսզի կարենանք պատմել Սեւան Նշանեանի Դէպքը: Ի հարկէ, շնորհակալ ենք բազմաթիւ մարդոց. արտասահմանի մէջ՝Տողան Էօզկիւտէնին, Ինճի Թուղսաւուլին, Անժէլ Տիքմէին, Սարօ Մարտիրեանին, Իպրահիմ Սէւէնին, Ժոզէֆ Հատտօտօյին, Յովսեփ Հայրէնիին, Նաիլ Պէթ-Քիննէին: Իսկ Թուրքիոյ մէջ՝Էրճան Քանար, Այշէ Հիւր, Քորհան Կիւմիւշ, Պիւլէնթ Պիլմէզ, Զաքարիա Միլտանօղլու զօրակցեցան առանց մեզ մինակ թողելով ժողովներու ընթացքին: Քէնան Ենիճէն ալ իր աջակցութիւնը բերաւ ամէն ժողովի համար որմազդ, ազդ,  թռուցիկ եւ տեսողական նիւթերը պատրաստելով:

Սեւանի համար լռութիւն կը տիրէ նաեւ արտասահմանի մէջ. թէ սփիւռքի եւ թէ Հայաստանի մէջ: Այնպէս կ'ենթադրուի թէ Սեւանը բաւականաչափ հայ չէ: Թէեւ, Իր Անունը Մոռցող Երկիր, Անգարայի Արեւելքը խորագրեալ աշխատութիւնները բացայայտումներն են Պատմական Հայաստանի հայկական ստեղծագործութիւններու եւ հարստութիւններու ցուցակագրման: Ասոր զուգահեռ nisanyanmap.com անուն համացանցային կայքէջով, այս աշխարհագրութեան ամենափոքր բնակավայրերուն իսկ հակիրճ պատմութիւնը փոխանցէց այցելուներուն: Այս երեք ստեղծագործութիւնը կանխած է հայոց հետքերուն ջնջուիլը պատմական աշխարհագրութենէն՝արձանագրելով պատմութեան:

Ափսո՛ս, որ հակառակ այս իրողութեան,Սեւանին սփիւռքէն աջակցութիւն մը հասած չէ: Սփիւռքի մէջ առաջին ամիսներուն Փարիզ, Պրիւքսել, Վիեննա, Ֆրանքֆուրթ եւ Համպուրկի մէջ Սեւանի վերաբերեալ ժողովներ գումարուեցաւ: Իսկ յետոյ Սեւանը մոռացութեան ենթարկուեցաւ:

Սեւան Նշանեանի Դէպքին  վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Հայ Ազգային Յանձնախումբի (Armenian National Committee of America) հետ հանդիպում մը ունեցանք, որոնք հետաքրքրուած ձեւացուցին, բայց ոչ միայն բան մը չըրին, այլ նաեւ իրենց տեղեկագիրներուն մէջ ալ տող մը իսկ չյատկացուցին: Սեւանին ի նպաստ բան մը չընելով հանդերձ, պարգեւատրեցին 1001 գիշերներու պատմիչը:

Բացի Եւրոպայի Հայոց Յանցնախումբէն (Armenian Council of Europe) եւ Պելկիայի Ժողովրդավար Հայերու Միութենէն, սփիւռքի հաստատութիւնները մեզի հանդէպ հետաքրքրութիւն չցուցաբերեցին: Սահմանափակ հնարաւորութիւններու տէր այս հաստատութիւններուն Փարիզի եւ Պելկիայի մէջ կազմակերպած ժողովը մտերմիկ եւ խանդավառ էր:

Հայոց Ցեղասպանութիւնը, զոր Թուրքիոյ մէջ փոքր թիւով անհատներ միայն կրնան արտասանել, հեռատեսիլի ուղիղ սփռումի ընթացքին Թուրք ՊատմութեանԿաճառի նախագահի հետ վիճաբանիլը՝գերազանցած է դիտումի մրցանիշները: Չափազանցութիւն ըրած չենք ըլլար, եթէ ըսենք, որ պատմութեան կաճառի նահագահը եւ յայտագիրի ղեկավարները զարմանքի պատճառով իրենց անունները իսկ մոռցան:

Հայաստանի մէջ Գրողներու Միութիւնը ուզեց ժողով մը գումարել Սեւանի վերաբերեալ: Տեղեկութիւնները կիսեցինք, փաստաթուղթեր ուղարկեցինք, սակայն ցարդ չհասաւ այն լուրը, որ ժողովը գումարուած է: Սեւանի գիրքերը հայերէնի կը թարգմանուէին: 2014 հոգտեմբերին լոյս պիտի տեսնէին գիրքերը: Մինջեւ այսօր ձայն չելաւ: Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը որոշեց Սեւանը պարգեւատրել William Saroyanի անուան գրական մրցանակով: Մրցանակին համար շատ ուրախացայ: Սակայն 1,5 տարի անցնելով հանդերձ մրցանակը դեռ իրեն հասած չէ:

Բնական է, որ ինչպէս ամէն մահկանացու,Սեւանն ալ սխալներ գործած է: Սակայն համոզուած եմ, որ Սեւանը այն աճող եւ բազմացող թշնամական վերաբերմունքին արժանի չէ: Հասարակութեան ալ չվայելեց լռութիւնը: Այսքան մեծ ցանկութեամբ ու լռութեամբ իշխանութեան՝ իշխողին կողմնակից դառնալը ճիշտ չէ:

Պէրլինէն վերադարձին, ուր գացած էր իր զաւակները տեսնելու համար, մեզի հաղորդածները կարեւոր են:

«Կարգ մը մարդիկ քեզի հաւատացեր, վստահեր են: Ասիկա պատասխանատուութիւն մը կը  բերէ քեզ: Զանոնք յուսալքութեան ենթարկել չարութիւն է: Պէտք չէ ընես:

Պայքարի մը լծուած ես, ըսեր ես որ հետեւանքները նկատի կ՛առնեմ: Պայմանները փոխուած ատեն «Վախցայ» ըսել եւ երթալ՝ խայտառակութիւն է: Խայտառակ պէտք չէ ըլլաս:

Գիւղիդ մէջ երազանքի մը ձեռնարկեր ես, կեանքդ ասոր կապած ես: Հիմա երեք պաշտօնեաներուն մուկի նման կրծելով կեանքիդ մէջ խոռոչներ բանալուն պատճառաւ պէտք չէ որ այդ կեանքէն հրաժարուիս: Դեռ ընելիք շատ գործ ունիս:

Ժողովուրդին «մի՛ վախնար, այն ինչ որ կը պակսի այս երկրին մէջ՝ արիութիւնն է» յորդորեր ես: Ասպարէզ կարդացեր ես:

Հիմա, երբ հորիզոնի վրայ թշնամին կ՛երեւի, «անձնական հանգիստս ամէն բանէն սուրբ է» ըսելով հեռանալ, ինքզինքիդ հետ հակասել է: Պէտք չէ հակասես:

Գացող հեռացողներուն մեծամասնութեամբ հետ ծանօթացեր ես: Մեծամասնութիւնը սիրած, բարեկամ դարձեր ես: Բայց նաեւ տեսեր ես իրենց ճակտին անսրբելի մելանով կնքուած «պարտութիւն» կնիքն ալ: Այդ կնիքը պէտք չէ  կրես...»

խօսքերով առանց գիտնալու մեր յաջորդ հանդիպումին ժամանակը, դէպի բանտ ուղղուեցաւ:

Թորպալըէն դէպի Պուճա եւ Շաքրան աքսորուելէ յետոյ՝ մինչեւ Եէնիփազար չորս բանտ շրջող Սեւանը, այսօր Սէօքէյի բանտին մէջ՝ առանց գիտնալու իր ազատ արձակման թուականը, օրերը կը հաշուէ:

Այս բոլորին հանդերձ, ի զուր է իր աչքերուն մէջ աղաւնիներու մտավախութիւնը փնտռել:

Ան միշտ կ'ընդգծէ իր յամառութիւնը, ջայլամի մը նման:

 


1. Էթյէն Մահչուփեան, «Սեւան Նշանեան Անունով Մարդ Մը», http://www.zaman.com.tr/yazarlar/etyen-mahcupyan/sevan-nisanyan-diye-bir-adam_2195641.html

2. Սեւան Նշանեան, թրքերէնի ստուգաբանութեան վերաբերեալ լուրջ ուսումնասիրութիւններ կատարող առաջին Թուրքիացի հետազօտողներէն է: 2002 թուականին լոյս տեսած «Բառերու ծագումնաբանութիւնը, Արդի Թրքերէնի Ստուգաբանական Բառարանը» գիրքը առաջնորդը դարձած է նման ուսումնասիրութիւններու:

 

 

Հայոց Ցեղասպանություն, Ճանաչում և Փոխհատուցում

Էլ.Ամսագրի

Էլ. Ամսագրի բաժանորդագրում

"Repair" նախագծի գործընկերներ

 

Twitter

Facebook