Տեսակետներ Թուրքիայից, Հայաստանից և Սփյուռքից
Թուրքերեն, հայերեն, անգլերեն և ֆրանսերեն թարգմանություն
Հայացք Թուրքիայից
Սեւան Տէյիրմենճեան |
Սեւան ՏէյիրմենճեանԳրող և ուսուցիչ |
Անցեալ օգոստոսի 9ին «Ակօս» շաբաթաթերթի մէջ լոյս տեսած Սեւան Տէյիրմենճեանի այս յօդուածը անմիջական արձագանքն է այս ամառ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ ամէն տարի կազմակերպուող «Արի Տուն» ծրագրին ընթացքին տեղի ունեցած միջադէպին, որ ինքնութեան խնդրի շուրջ ծագած վէճ մըն էր Ուկրաինայէն և Պոլիսէն ժամանած երիտասարդներու միջեւ: Թուրքիայէն ժամանած խումբը կը պնդէ թէ Սփիւռքի նախարարութիւնը երկար ժամանակ անյաղորդ մնացած է և մասնակիցները, ապահովութեան համար, ստիպուած եղած են վաղաժամ վերադառնալ Իստանպուլ: Այս միջադէպէն յետոյ Սեւան Տէյիրմենճեան կը մատնանշէ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ առկայ հակասականութիւնները, որոնք կը վերաբերին ինքնութեան, հայերէնի գործածման և Հայաստանի հանրապետութեան հետ կապին:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ ամէն տարի կազմակերպուող «Արի Տուն» ծրագիրը առաջին հայեացքէն ունի բարի նպատակ մը՝ Հայաստանին, ոմանց խօսքով հայրենիքին կապել այն երիտասարդները, որոնք ծնած ըլլալով այդ երկրին սահմաններէն դուրս, պէտք եղածին չափ չեն ճանչնար զայն, անոր պատմութիւնը չեն գիտեր, աւանդութիւններուն, նիստուկացին ծանօթ չեն եւլն.։ Ծրագիրին կազմակերպիչը Հայաստանը կը նկատէ տուն մը, ուր պէտք է վերադառնան աշխարհացրիւ հայերը։ Նոյն այդ կազմակերպիչը հայերէնն ալ վստահաբար կը նկատէ միակ ու անփոփոխ մայրենին բոլոր այն հայերուն համար, որոնք ծնած են «արտասահման»ի մէջ։ Հետեւաբար թոյլատրելի կարելի չէ նկատել որեւէ «օտար» լեզուի գործածութիւնը այդ ծրագրի շրջանակներուն մէջ։ Առաւել եւս թրքերէնի գործածութիւնը, որ այպանելի արարք մըն է անկասկած…
Ձեռնարկին խորագիրն անգամ կը մատնէ այն մտայնութիւնը, որ կը տիրէ Սփիւռքի նախարարութեան միջանցքներուն։ «Արի Տուն»։ Սփիւռքահայ հասարակ մահկանացու մը, մանաւանդ աշակերտ մը, նոյնիսկ շատ անգամ վարժարանի մը մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչ մը, հայաստանցիներու կողմէ յաճախ գործածուող «արի» հրամայականը պիտի շփոթէ Արի արական անունին հետ, որ յաճախ կը գործածուի Պոլիսի եւ այլ գաղութներուն մէջ եւ պիտի հարցնէ միամտաբար՝ «Արին ո՞վ է»։
Ոչ միայն Հայաստանի իշխանութիւնները, այլ իրենց կողմէ պարգեւատրուած սփիւռքի հայապահպանները այս պարագային մէկ բան կ՚ըսեն՝ «Թող սորվին, հոգ չէ»։
Տունի պարագան ալ կայ, անշուշտ։ Հայրենասիրական, ազգասիրական կեղծ խօսքերը մէկ կողմ պիտի ձգեմ ու անկեղծօրէն պիտի յայտարարեմ, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինծի համար տուն մը չէ, պիտի չըլլայ ապագային ալ, նոյնիսկ երբ օր մը հոն բնակիմ։ Շատ սիրելի վայր մըն է, ուր ունիմ բազմաթիւ ընկերներ, յիշատակներ։ 1993-2005 թուականներուն, այսինքն 12 տարի հոն ուսանած եմ, ապրած եմ։ Թերեւս շատ աւելի այն անձերէն, որոնք օրն ի բուն «Հայաստանը մեր հայրենիքն է» կը պոռան… Եւ շատ սիրելի Հայաստանի իշխանութիւննե՛ր, գիտցէք որ «Արի Տուն»ի մասնակից սփիւռքահայ երիտասարդներուն մեծ մասը, մէկ կողմ ձգեցէք զգացմունքային յայտարարութիւնը, որպէս իրենց «տուն»ը չեն նկատեր ձեր երկիրը։ Ամէն մարդ ուրախ է հոն, ուր կ՚ապրի, ուր ծնած է։ Այս խոստովանութիւններն ալ անշուշտ ոչինչ նշանակութիւն ունին, գիտեմ, եւ պիտի չփոխեն այն մտայնութիւնը, զոր ունիք դուք եւ ձեր քանի մը տարին անգամ մը Երեւանի կեդրոնին տասնօրեայ զբօսաշրջական պտոյտներ կատարող սփիւռքահայ հայապահպանները. «Թող գիտնա՛ն որ իրենց տունը հոս է»։
Հոն ուր կայ այս մտայնութիւնը անխուսափելի է բախումը գոնէ թրքահայ խումբերուն հետ։ Բոլոր այն ձեռնարկներուն ընթացքին, որոնք կազմակերպուած են «Արի Տուն»ի մտայնութիւնը ունեցող Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ, խնդիրներ ծագած են թրքահայ խումբերուն հետ՝ սկսեալ Համահայկական խաղերէն մինչեւ «Արի Տուն»ի նման պատանեկան հաւաքները։ Գլխաւոր հարցը թրքերէնի գործածութիւնը եղած է շատ անգամ։ Ներելի է երբ Ռուսաստանի խումբը խօսի ռուսերէն, կամ Ֆրանսայինը՝ ֆրանսերէն, կամ Արժանթինինը՝ սպաներէն… Ազգասիրութեան կամ հայրենասիրութեան այն տեսակը, որու խորքին երբեմն կը նկատուի Ցարական Ռուսաստանէն մինչեւ այժմ աւանդուած հակաթրքականութիւն մը, անկարելի է որ ընդունի այն իրականութիւնը, թէ հայ ժողովուրդի լեզուներէն մէկն ալ թրքերէնն է, նոյնիսկ շատ աւելի քան ֆրանսերէնը, անգլերէնը։ Թէ՝ օրինակ Թէքէեանի մը մայրը թրքախօս էր, պատմական Հայաստանի հայութիւնը երբեմն թրքախօս էր մեծ մասամբ, ունէինք թրքերէնով ստեղծագործողներ… Անշուշտ, ցանկալի է որ ամէնքն ալ խօսին հայերէնով, սակայն երբ մարդիկը իրենց «տունը» կը կանչէք՝ ձգեցէք որ խօսին այն լեզուով, որով հանգիստ կը զգան իրենք զիրենք։
Երբ մտայնութիւնը կը փոխուի մօտեցումն ալ կը փոխուի, բարեբախտաբար։ Ուղեկցած եմ խումբերու՝ մասնակցելու «Կիւլպէնկեան» հաստատութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկներուն կամ լսած եմ բազմաթիւ վկայութիւններ այն անձերէն, որոնք Հայաստանի մէջ կը մասնակցին տարբեր կազմակերպութիւններու միջոցառումներուն, ինչպէս՝ «Թումօ»ի կամ Դիլիջանի միջազգային դպրոցի ամրան ճամբարները։ «Արի Տուն»ի նման պոռոտ խորագիրներ թէեւ չունին անոնք եւ ոչ ալ սովետական կոմերիտմիութեան նախկին վարիչ մը իրենց գլուխը։ «Սորուեցնե՛նք»ի, «թող սորվի՛ն»ի, «հայերէ՛ն պէտք է խօսիք»ի մտայնութիւնը տիրապետող չէ այդ հաւաքներուն, ուր ամէն մարդ իր ուզած լեզուն կը խօսի, մի՛ մտահոգուիք, քանի մը օր ետք առանց գիտակցելու, ինքնաբերաբար, հայերէն ալ կը սկսին խօսիլ, Հայաստանն ալ կը ճանչնան, հայաստանցին ալ կը տեսնեն ու կը սիրեն։ Յաջորդ տարի վերստին մասնակցելու խոստումով ալ կը բաժնուին իրարմէ։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը մինչեւ որ մտայնութեան փոփոխութիւն մը չկատարէ՝ նման վէճերն ալ անխուսափելի են։ Սակայն այնքան ժամանակ որքան նախարարութիւնը կը հետեւի աւանդական սփիւռքի տարածքին իր կողմէ շքանշանատրեալ խմբագիրներու գրածներուն, որոնք «անյարգալիր կեցուածք»ով, «անխոհեմ որոշում»ով, «կաթիլ մը ջուրի մէջ փոթորիկ ստեղծել»ով կը մեղադրեն պատանիները՝ առանց խորքային քննութեան մը ենթարկելու խնդիրը, հազիւ թէ բաներ մը փոխուին. հետեւաբար, նախարարութիւնն ալ կը շարունակէ ընկալուիլ որպէս կազմակերպութիւն մը, որ երկրին մէջ սասանած վարկը կը փորձէ ոտքի պահել սփիւռքի մէջ։